դրական երեւոյթներ, որոնցմէ ամենէն յատկանշականը մասնաւորապէս առաջադէմ ազգերու աշխարհայեցողութեան յեղաշրջումն է։ Ցնցող դէպքերը եւ ասոնց պատճառած ապրումները ազգերը մղեցին իրենց իսկ էութեան մէջ փնտռել ինքնակազդուրումի հոգեկան եւ ֆիզիքական գործօնները։ Ներքին պըրպտումով եւ խորացումով անոնք յանգեցան իրենց գոյութեան յաւիտենական խարիսխի իմացութեան եւ ցեղը դարձուցին իրենց մտածումի եւ աշխարհայեցողութեան հիմքը։ Մինչ այդ` ժողովուրդները, գրեթէ անգիտակ կը մնային իրենց էութեան ներբնակ ա՜յն զօրութիւն, կենսաբանական անհուն ա՜յն հարստութեան, զոր ցեղ, ցեղային պատիւ, ցեղային բարոյական, ցեղային կորով, ցեղային անպարտելիութիւն, ցեղային անմահութիւն կը կոչենք։
Թէպէտեւ ցեղի յաւիտենական կրակն էր, որ սերունդէ սերունդ փոխանցւելով ժողովուրդները կը համակէր պատմութիւն երկնելու եւ ստեղծելու կամքով, սակայն անոր, այդ կրակին էութիւնը կը մնար աւելի անծանօթ, խորհրդաւոր բան մը եւ յաճախ կը մոռցւէր առօրեայի գորշ քողին տակ։
Օրհասական պահեր էին հարկաւոր, որպէսզի ժողովուրդները դադրէին պատմութեան ետեւէն վազել, գոյութեան խորին տագնապ մըն էր հարկաւոր, որպէսզի անոնք կարենային նոր իմացութիւն մը ձեռք բերել։ Եւ ահա, համաշխարհային պատերազմի տագնապէն ծնունդ առաւ այն կենսանորոգ իմացութիւնը, ըստ որու պատմութիւնը ո՜չ թէ անհրաժեշտօրէն պարտադրւած ճակատագիր է, այլ ցեղի ոգիի, անոր կենսաբանական կորովի արտայայտութիւնը։
Պատմութենէն արդէն յայտնի է, որ օրհասական բոլոր ա՜յն պահերուն, երբ ժողովուրդներու մէջ ցեղն է խօսած` ամօթանքն ու տկարութիւնը տեղի տուած են հպարտանքի եւ հերոսականի։ Այլ բան չէ, որ կը վկայէ նաեւ վերջին քսանամեակի հայոց պատմութիւնը։
Ապրիլեան Եղեռնը ժողովուրդին ՙճակատագիրն՚ էր, բայց հոն, ուր ցեղը, յաւիտենական այդ անմահը ցցուեցաւ անոր դէմ, պատմութիւնը անգամ մըն ալ հարկադրուեցաւ նուիրագործել ցեղային կամքի անպարտելիութիւնը։
Մայիս 28ին, ՙճակատագիրը՚ կը սպառնար հայ ժողովուրդը ընդմիշտ դուրս նետել գոյութեան ասպարէզէն, բայց ցեղին կամքն ընդվզեցաւ այդ ճակատագրին դէմ, ան չնետուեցաւ պատմութեան անիւներուն տակ, այլ վսեմական խոյանքով մը ինքզինքը պարտադրեց աշխարհին եւ նոր պատմութիւն ստեղծեց։
Ցեղի այդ յաւիտենական կրակն էր դարձեալ, որ Փետրուար 18ին շղթայակապ հայ ժողովուրդը վերածեց խորտակիչ բողոքի մը` ՙճակատագրին՚ դէմ։
Հայերս այսօր կը տրտնջանք եւ պէ՜տք է տրտնջանք ճակատագրէն, սակայն եթէ կարենանք մեր ողբերգութիւնն ապրիլ իբրեւ խոցւած հպարտութեան զգացում, եթէ գիտնանք մեր երիտասարդութեան մէջ ստեղծել ցեղային կամք եւ զայն դաստիարակենք նոր պատմութիւն հիւսելու խանդով, եթէ ցեղը ոտքի հանենք եւ անոր հզօր շունչով առաջնորդւելու իմաստութենէն զուրկ չմնանք` մեր ճակատագրի ցաւեն, մեր ողբերգութենէն ծնունդ պիտի առնէ նոր հերոսական մը։ Սպառազինուիլ ցեղի բարոյականով, ցեղի յաւիտենականութեան ստեղծագործ զգացումով` ահա՜ միակ ապահով ուղին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի համահայաստանեան ուխտի, դէպի համահայկական ամբողջականութեան իդէալի իրականացումը։
Հայ կեանքի հրամայականը ցեղային անպարտելիութեան կամքի կերտումն է։
դոկտ. Պերճ Հաճոլեան
ՙՑեղ եւ Հայրենիք՚, 1936, Յուլիսի 15, թ. 2, էջ 43-45:
<<ՑԵՂԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹՅՈՒՆԸ>>
ՙՀԱՅՐԵՆԻՔ՚ Ակումբ
Комментариев нет:
Отправить комментарий