ճակատագիր՚ը։ Առանց պատմութեան յաւիտենագործ եւ յաւիտենարժէք ոյժերու ներազդեցութեան` չկայ ապագայ եւ նորաստեղծութիւն։ Պատմութիւնը նախ` ոգիի յայտնութիւն է, իսկ ոգին` յաւիտենական է։
Կենսագործ նորը այն է, որու մէջ յաւիտենականը խառնուածք է։ Մեր ցեղի պատմութիւնը Տարօնական Ոգիի յայտնութիւնն է` հին ճշմարտութիւն, նոր իմացութիւն։ Դա կեանքի ճշմարտութիւն է, որովհետեւ էաբանական խորք է: Դա ուղեփոխիչ իմացութիւն է, որովհետեւ յաւիտենականը գոյութեան խանդով ապրելու, որով եւ` պատմութիւն նորակերտելու ճիգ է։ Ճանչնալ ճակատագիրը վարող ոգին կը նշանակէ` տիրապետել պատմութեան ենթակայական ոյժերուն։ Գիտենք, որ մեր անկումը նաեւ ներքին հոգեբանական պատճառներ ունի` ՙերկու հոգիներու պայքար՚, որմէ օգտւեցան հայաստանակործան արտաքին ոյժերը։
Պայքար յաւիտենարժէքի եւ անցաւորի, համահայկականութեան եւ հատուածականութեան, քաղաքական ընդհանրականութեան, կեդրոնացումի եւ անհատականացման, ապակեդրոնացումի, հայկական օրիէնտացիայի եւ օտարահակութեան միջեւ։ Այս ոգիներէն առաջինը մենք կանուանենք ՙՏարօնական՚` տարօնական ո՜չ թէ ՙտարօնցու՚ տեղական հասկացողութեամբ, այլ կապակցութեամբ ՙՅաւիտենական Հայի՚, որու ոգին յայտնութիւն ստացաւ Տարօնէն։ Որո՞նք են այդ ոգիի յայտնութեան գլխաւոր գծերը կամ Տարօնական Հայի պատմականօրէն բախտորոշ գործերը.
Ա. Հայրենաստեղծում: Տարօնի հայօրէն նուաճումէն առաջ ո՜չ Հայաստան կար, ո՜չ ալ քաղաքական հայութիւն։ Մուսասիրի աւերակներու վրայ բարձրացաւ քաղաքական հայութեան առաջին դրօշը` Տարօնի մէջ։ Առաջանալով Արածանի գետի հոսանքն ի վեր 5-րդ դարուն (Ք. ծ. ա.) տարօնական այս հայերը ներխուժեցին Այրարատ, ուրկէ 2-րդ դարուն (Ք. ծ. ա.) թափանցեցին Վասպուրական, Բարձր-Հայք եւ արագօրէն ամբողջացուցին Հայկական Բարձրաւանդակի նուաճումը։ Տարօնն է քաղաքական Հայաստանի առաջին կորիզը եւ Տարօնական Հայը` Հայոց Հայրենիքի ստեղծիչը։
Բ. Ազգակերտում: Նուաճողական թափով օժտուած Ցեղ` Տարօնական Հայերը ո՜չ միայն քաղաքականօրէն իրենց ենթարկեցին, այլեւ ձուլեցին Հայկական Բարձրաւանդակի բնիկները։ Երկրի անջատական բնութեան բերումով` Հայաստանի ազգագրական ամբողջացման գործը դանդաղ ընթացաւ, բայց եւ այնպէս ազգային կազմաւորում խմորող ոգին յանգեցաւ կազմակերպուած ազգութեան ձեւին եւ բովանդակութեան։
Տարօնատիպ հայն է հայոց ազգային օրգանիզմի կազմակերպիչը, Հայաստանը ազգագրօրէն ամբողջացնողը, կազմակերպուած ազգութիւն ստեղծողը։
Գ. Հայկական օրիէնտացիա: Արեւելքի եւ արեւմուտքի, իրանա-ասորական եւ յունա-հռովմէական ոգիներու բաղխումը, հայութեան մէջ ձուլուած ցեղերու խառնուածքի աններդաշնակութիւնը առաջ բերեցին քաղաքական օրէնտացիաներու պայքար, որ առանձնապէս սրուեցաւ Տիգրան Մեծի աշխարհակալութեան խորտակումէն յետոյ։ Հայաստանի արեւելքը ծնունդ տուաւ պարսկասիրական, արեւմուտքը` հռովմէասիրական կուսակցութեանց։ Ասոնց հակադրուեցաւ ազգայնական կուսակցութիւնը` ո՜չ Հռովմ, ո՜չ Պարսկաստան, այլ` անկախ Հայաստան։ Այս հոգեւոր շարժը չէր կրնար տեղէ ծայր տալ, քան երկրի աշխարհագրական կեդրոնը եւ ցեղի օրրանը եղող Տարօնէն։ Հետագայ հոգեւոր խմորումները կապացուցանեն, որ Տարօնական հայն է հայկական օրիէնտացիայի հեղինակը եւ դրօշակիրը։
Դ. Ազգային բարոյական ՙես՚ի արձանացում: Տարօնն էր հեթա¬նոս Հայաստանի հոգեւոր գլխաւոր կեդրոնը։ Հոս սկսաւ նաեւ կրօնական յեղաշրջման խմորումը։ Նպատակն էր հայկական օրիէնտացիայի կրօնականացումը, հայկական բարոյական ՙես՚ի արձանացումը` արեւելյան եւ արեւմտյան ոգիներու միջեւ։ Քրիստոնէութիւնը ծնաւ Տարօնական Հայու ազատութեան ուխտի աստուածացումէն։ Շարժումի առաջնորդներն են` Լուսաւորչու տունը իր հայահունչ հայրապետներով եւ Մամիկոնեանները` իրենց քրիստոնէաշունչ զօրավարներով։ Քրիստոնէութեան միջոցով Տարօնատիպ Հայը իր կերտած ազգութեան տուաւ բարոյական եւ հոգեւոր անկախութեան խանդ։
Տարօնական հայն է մեր ազգի բարոյական ՙես՚ի արձանացուցիչը, անոր հոգեւոր դիմագծութեան եւ նկարագրի կերտիչը եւ ազատութեան իդէալը կրօնական զգացումին կապողը։
Ե. Ազգային մշակութագործ ՙես՚ի արձանացում: Մեսրոպի պարգեւած Տարօնական Լոյսը` նախ ինքնապաշտպանութեան գործի գիտական կազմակերպում է։ Նպատակն է ազգի ամբողջականութեան պահպանումը, միջոցը` Տարօնական Ոգիի Մենք առիթ պիտի ունենանք տալ Տարօնական Ոգիի բոլոր արտայայտութիւնները։ Այս օրինակները կը բաւեն ապացուցանել, որ առանց Տարօնական Ոգիի ներազդեցութեան` մեր կեանքը պատմագործ որեւէ յղութիւն չէ ունեցած։ Ծուռ է յաւիտենականութեան ճամբան, բայց անմահ է ոգին։ Դա ունի զարգացման ներքին իր օրէնքը եւ անոր յայտնութեան կերպերուն մէջ կայ նպատակի նոյնութիւն: Տարօնական ոգիի յայտնութեան բոլոր կերպերու մէջ կայ հայրենաստեղծումի եւ անկախութեան ճիգ։ Ուր ոգիի նոյնութիւն կայ` հոն կայ նպատակի նոյնութիւն, ուր նպատակի նոյնութիւն կայ` հոն կայ ոգիի նոյնութիւն։ Միեւնոյն ոգիի յայտնութիւններ են վճռաշունչ այն բանակը` որ հայրենիք ստեղծելու կամքով նուաճեց Մուսասիրը, Ուրարդուն, հայկական ողջ բարձրավանդակը, Տիգրան Մեծը` որ մղուեցաւ հայկական համաշխարհային պետութիւն հիմնել, ՙՀայ Ազգային կուսակցութիւն՚ը` որ Վահագնաշունչ Հայաստանի կամքը ցցեց Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, Լուսաւորիչը` որ խոյացաւ հոգեպէս ինքնադիմել հայութիւնը, Մեսրոպը` որ գիտութեան լոյսը ծառայեցուց ցեղի անհատականութիւնը պահելու գործին, Մամիկոնեան տունը` որ հերոսականի դրոշմը դրաւ անկախութեան մեր բոլոր երկունքներու վրայ, դաշնակցականութիւնը` որ հայրենիք վերաստեղծելու ճիգ դարձաւ։ Ոգիի տրամաբանութեան այս արտայայտութիւնները կը կազմեն հայոց պատմութեան յաւիտենական խռովքը։ Փարձեցէք հանել Տարօնական գիծը այդ բոլորէն եւ դուք չէք ունենայ պատկերում ո՜չ լիարժէք հայոց պատմութեան, ոչ ալ հոգեւոր Հայաստանի մասին։ Տարօնականութիւնն է հայ ոգիի բացարձակ յայտնութիւնը։ Եւ եթէ այդ մասին դեռ իմացութիւն չկայ` պատճառը այն է, որ չկայ հայոց պատմութեան փիլիսոփայութիւնը, որ հոգեգիտօրէն չէ վերծանուած մեր կեանքը։
Տարօնական ոգի` ի՞նչ է դա։ Նախ` էաբանական խորք, ապա` հայոց պատմութեան յաւիտենագործ եւ յաւիտենարժէք ոյժերու ներքին մղօն, ստեղծագործումի խառնուածք եւ երրորդ` կեանքը իբր հայրենաստեղծումի խանդ ապրելու եւ ամեն հոգեւոր որակ այս խանդի աստիճանաչափով գնահատելու կամք եւ հայեցողութիւն։
Տարօնականութիւն` դա ե՜ւ ցեղի ոգիի մետաֆիզիկայ է, ե՜ւ հայոց պատմութիւնը փիլիսոփայօրէն իմաստաւորող մտածում, ե՜ւ յաւիտենականի գծին վրայ մաքառող կամք։ Դա ցեղային աշխարհայեցողութիւն է եւ կենսաբանական խորք ունեցող ազգային դաւանանք։ Քաղաքական շարժում չէ դա, այլ բարոյական վերանորոգումի ոգորում։ Մամիկոնեան բարոյական` ահա՜ թէ ինչո՜վ պիտի օծուի, դիմագծուի նոր հայը։ Առանց յաւիտենականի զգացումի` չկայ երջանկութիւն, առանց Հայաստանի` յաւիտենականութեան զգացում։ Այս ճշմարտութիւնը Տարօնական Ոգիի յղացում է եւ անոր կենսաբանական ապրումով միայն հնարաւոր է խորտակել տարագրութեան, այսինքն` անցումի ճակատագրի նախապաշարումները։
Ցեղն է մեր առաջնորդը եւ հայրենատիրութիւնը մեր նպատակը` ահա՜ Տարօնական Ոգիի նոր խռովքը։
Անցեալ յաւիտենականի գիծով դէպի՜ յաւիտենականը` ահա՜ Տարօնականօրէն հոգեգծուած նոր հայի ճակատագիրը։
Խմբագրութիւն
Տարօնի Արծիւ՚, 1938, թ. 3-4, էջ 1-5:
ՙՀԱՅՐԵՆԻՔ՚ Ակումբ
Комментариев нет:
Отправить комментарий