28.08.2013

ՑԵՂԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ


Յանձնւած աշխարհի չորս հովերուն` հայերը կը տեսնեն եւ սակայն իր ամբողջ խորութեանը
մէջ չեն ապրիր իրենց բեկորներուն ոչնչացումը։
Քայքայումի առաջընթաց ո՜չ միայն Անատոլուի խորերը, ուր կը շարունակուի բուռ մը հայերու մարտիրոսացումը, ո՜չ միայն Պոլսոյ մէջ, ուր ամեն օր զանազան ՙթուրք լուսաւորչականներ՚ կը ծնին, այլեւ խորհրդային գիծէն ներս, ուր հայկական տարազնում կայ եւ արտասահման, ուր հայը դեռ կայան չունի։
Փրկութիւնը, կըսեն, հայրենի երկրին մէջ ամփոփւելն է։ Մխիթարական խօսք մը միայն, որովհետեւ Խ. Հայաստանը ցարդ չկրցաւ Կովկասի, Ռուսիոյ եւ Թուրքեստանի մէջ դեգերող իր բնիկներուն իսկ տեղաւորել: ՙՆերգաղթ՚ բառը, որ այնքան յուզում, շփոթ` կատարեալ բաբելոնական աշտարակաշինութիւն, առաջ բերաւ գաղութներուն մէջ, կը շարունակուի օգտագործուիլ իբր քաղաքական նշանախօսք։ Եօթ հարիւր հազարը տակաւին կը մնայ իր ճակատագրին։ Ուրիշ զարմանք մըն ալ սա ՙեօթ հարիւր հազարն է՚. վիճակագրական ըմբռնո՞ւմն է սա, թէ՞ մաթեմատիկական անփոփոխ մեծութիւն մը։ Յամենայն դէպս 15 տարիէ ի վեր ան ո՜չ կաւելնայ, ոչ ալ կը պակսի։ Աս ալ հայկական նախապաշարում մըն է։
Ըմբռնումներու աս քաոսին մէջ գաղութահայ կեանքի պատկերը վերլուծող մը պիտի հարկադրուէր ենթադրել, թէ գործ ունի ազգի մը հետ, ըստ որու բարոյականի ընդհանուր կազմակերպութեան մը ծրագիրը բացասական կը համարուի, իսկ անիշխանութիւնը եւ կիրքերու փոթորկումը` դրական։
Ո՜չ ոք կուզէ անդրադառնալ, թէ նման հոգեվիճակը ազգային կեանքի վախճանի, ցեղային ոգիի սպառումի ախտանշան մըն է։
Այո՜, ամենէն ողբալին ան է, որ մեր կեանքին մէջ գիտակցութիւն չկայ ու ատոր համար ալ ցեղապահպանումի գործը անհնարին դժուարութիւններու կը բախի։
Աւելին։ Ցեղային շունչի բացակայութեան շնորհիւն է, որ կը մնանք ժողովուրդի մը բեկորները ու չենք կրնար վերածուիլ կազմակերպուած ազգութեան։ Կազմակերպուած ազգութիւնը միայն իրաւունք ունի դատէ մը խօսիլ եւ դատ մը կենսաբանական թափով ու քաղաքական լուրջ ծրագրով մը հետապնդել։
Կը խօսինք հայկական դատէ մը, որ չկրնար (եւ պէտք չէ՜) տարբեր ըմբռնուի։ Ան պէտք է ընդհանուր ըլլայ` թէ՜ երկրի, թէ՜ գաղութներու հայութեան համար։
Հայ մը աւելի հայրենիքին մէջ` ասիկա ցեղային բարձր նշանախօսք մըն է։ Սակայն, որքան որ կը խանդավառինք ներգաղթի գաղափարով, նոյնքան ալ` կը տառապինք անոր փաստէն։ Իրողութիւն է, թէ ներգաղթը աւելի քաղաքական որոգայթ է, քան` ազգահաւաքումի ճիգ։ Ատոր պատճառները երկուք են` Խոր. Հայաստանի վարիչներուն տկարութիւնը ու Ռուսիոյ մասնաւոր քաղաքականութիւնը եւ գաղութահայութեան անկերպարան, անկազմակերպ, պառակտեալ վիճակը։
Եթէ առաջին պարագան մեր կամքի ազդեցութենէն դուրս է, երկրորդը` հետեւանք է մեր գիտակցութեան եւ ցեղահոգ կամքի բացակայութեան։ Իմաստութիւն չէ Հայաստանի դուռներու բացումը երազել, անոր մասին զայրոյթ, բողոք եւ աղմուկ յարուցել եւ եօթ հարիւր հազարը թողուլ անկազմակերպ վիճակի մէջ։
Լայն, զանգուածային ներգաղթ երբե՜ք չի կրնար տեղի ունենալ, քանի դեռ գաղութներու հայութիւնը ազգօրէն կուռ կազմակերպութեան մը վերածուած չէ։ Կազմակերպւած ոյժերը միայն կրնան աշխարհին բան մը պարտադրել եւ աշխարհին մէջ դեր մը խաղալ։
Այս գիտակցութիւնը ունինք անշո՜ւշտ, բայց զգացումը` ոչ։
Ցեղի պահպանման իմաստութիւնը` ահա՜, թէ ինչէ՜ն զուրկ կը մնանք։ Արուեստ մը չէ ատիկա, այլ հոգեբանութիւն մը, որ պիտի վարակէ ամենքը, որ իր փրկարար ձեռքը պիտի դնէ մեր բոլոր ոգորումներուն վրայ, որ պիտի դասաւորէ, համադրէ, կեդրոնացնէ եւ խստացնէ մեր բեկորներուն ազգային հաւաքական կամքը։
Ցեղապահպանումի ոյժ, ճակատագիրը յաղթահարելու կամք` ահա՜, թէ ի՜նչն է օրուայ հայ կեանքին հրատապ խնդիրը։
Ինչպէ՞ս լուծել այդ խնդիրը։ 

Ն. Ա. [Ներսես Աստուածատուրյան]
ՙՑեղ եւ Հայրենիք՚, 1936, Յուլիսի 15, թ. 2, էջ 62-63:
ՙՀԱՅՐԵՆԻՔ՚  Ակումբ

Комментариев нет:

Отправить комментарий