04.09.2013

Ի՞ՆՉ Է ՑԵՂԱԿՐՕՆՈՒԹԻՒՆԸ


ՙԱմէն ինչ որ կը ծնի, յառաջ կու գայ պատճառէ մը, ամէն ինչ որ ծնած է, կարելի չէ ըմբռնել
առանց պատճառի՚, կ’ըսէ յոյն  մեծ իմաստասէրը`   Պղատոն:   Արդարեւ,   մեր  ցեղակրօնութիւնը   ծնաւ գաղթահայ կեանքի նուաստութենէն, կուսակցական պայքարներու աւերներէն,    պառակտուած   ժողովուրդի    տկարութենէն    եւ    մեր ճակատագրի ողբերգութենէն: Ծնաւ եւ այնքան  շուտ  տարածուեցաւ, որ բացի Ամերիկայէն, կարգ մը այլ գաղութներ ալ ունեցան իրենց Ցեղակրօն Ուխտերը: Քեմանչիստ Ռուբէն մեզի կը հաւաստէր, թէ մինչեւ  անգամ Փէքինի  մէջ  (Չինաստան) հանդիպած էր  ցեղակրօն երիտասարդներու ուխտի մը` 15-20 հոգիէ բաղկացած:
Քմահաճոյքով կամ փափաքով ո՜չ միութիւն կը ստեղծուի, ո՜չ ալ կանգուն կը մնայ: Կեանքը, պայմանները հասունցուցած պէտք է ըլլան  ասպարէզ  իջնող  կազմակերպութեան  պահանջը,  որ  ան ապրի  ու զարգանայ: Եւ ցեղակրօնութիւնը կենսական ու անյետաձգելի պահանջ մըն էր, մեր կեանքի հարազատ ծնունդը, այլապէս` ան ո՜չ ժողովրդականութիւն կը գտնէր եւ ո՜չ ալ հազարաւոր երիտասարդներու սիրտը կը յափշտակէր ու կը խանդավառէր:
Այս աննախընթաց ոգեւորութեան եւ յաջողութեան պատճառը այն էր, որ ցեղակրօնութիւնը կը բերէր նոր ոգի մը - ոգի մը, որ կը ցնցէր Հայը մինչեւ հոգիին խորերը, կը սթափեցնէր եւ ցոյց կու տար նոր ուղի: Ցեղակրօնութիւնը ցեղային ոգիի, ցեղային բարոյականի եւ ցեղային գիտակցութեան կազմակերպութիւն էր եւ ոգեպաշտ հայ ժողովուրդի նշանակալից մէկ մասը, որ հոգեւոր եւ մտաւոր բարոյա- կանով չէր այլասերած ու փճացած, անմիջապէս իւրացուց ցեղակրօնութեան  էութիւնն  ու  գաղափարաբանութիւնը:
Ցեղակրօնութիւնը առաւելապէս ոգիի կազմակերպութիւն է: Ցեղակրօնը ոգեպաշտ անհատ է: Հայ ժողովուրդը դարեր  շարունակ տոկաց ու կանգուն մնաց շնորհիւ իր անյաղթահարելի ոգիին: Ճիշդ է, որ մեր նիւթեղէն շէնքերն ու հարստութիւնները հրդեհուեցան, քանդուեցան ու մոխրացան, բայց Հայու Ոգին աննուաճելի եւ անյաղթելի մնաց: Մեր երկրէն անցան ասորիներն ու պարսիկները, արաբներն ու հոռոմները, թաթարներն ու թուրքերը, անցան ու իրենց ետին միայն աւեր ու մոխիր թողուցին: Բայց, հակառակ այդ ծանր դէպքերուն, Հայու Ոգին չյուսահատեցաւ, չընկճուեցաւ եւ անսասան մնաց: Հայը իր նիւթեղէն մարմինը սիրայօժար կերպով զոհեց, որ հոգին անաղարտ մնայ ու փրկուի: Եթէ ոգիի ժողովուրդ չըլլար հայը` մինչեւ հիմա պատմութեան էջերուն անցած կ’ըլլար: Ճշմարտութիւն է,  որ ազգ մը ֆիզիքապէս հիւծելէ առաջ ոգեպէս կը սպառի, նիւթապէս փճանալէ առաջ բարոյապէս կը կործանի:

Ոգին աւելի առաջ է, քան նիւթը. կը բաւէ ոգի ունենալ` նիւթին հասնելու համար: Ոգին կարող է ստեղծել այն, ինչ որ նախապէս մարդ կ’ապրի ու կը պատկերէ իր հոգեւոր աշխարհով: Առանց ոգիի ու մտքի յղացման` չկա՜յ նիւթական ստեղծագործում կամ նիւթականացում:
Մեր ապագան ոգեղէն յեղաշրջումով միայն կարելի էր փրկել ու ապահովել, իսկ այս հոգեփոխութիւնն ու թարմացումը ցեղակրօնութիւնը  միայն  կրնար  տալ հայ  անհատին:  Ցեղային  այս շարժումը ոգեկոչումն էր Մամիկոնեան Հայուն: Ան պէտք է ամէն մէկ հայու մէջ վերածնէր հին ու պատմական Մամիկոնեաններու տիպարով Հայը:   Պէտք   է   ամէն անհատ,   ամէն   մէկ   ցեղակրօն   նմանէր Մամիկոնեան Հայուն, որովհետեւ ցեղակրօնութեան ոգին ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Մամիկոնեան սպարապետներուն ոգիի ու ցեղային բարոյականի վերստեղծումը մեր օրերու հայ անհատին մէջ: Մենք պէտք չունէինք ընդօրինակելու օտարոտի շարժում մը: Դարերու մոխրին տակ անթեղուած ու անշէջ մնացած պատմական ոգիի մը հրահրումն ու բոցավառումն էր մերինը: Մամիկոնեանները տակաւին Գ. դարէն սկսեալ ցույց տուեր ու պատմութեան էջերուն յանձներ էին ցեղային ոգիի վսեմ օրինակներ ու գործեր: Ի՜նչ հերոսական ոգի էին մշակեր   անոնք  ցեղին   եւ   հայրենիքին  համար:   Մարդ  ուղղակի հիացումով ու պաշտամունքով կը լեցուի եւ ծունկի կ’ուզէ գալ մշտավառ յիշատակին առաջ Մամիկոնեան սպարապետներու, որոնք ցեղակրօնութեան ներկայացուցիչները եղան, աւելի քան 1600 տարի առաջ, մեր պատմութեան մէջ:
Ո՜չ միայն դարուս եւ մեր կեանքի պահանջն էր, ուրեմն, ցեղային շարժումը, այլեւ մեր պապերու ոգին էր, անոնց թողած պատմական ժառանգը, որ իրերայաջորդ աղէտներու եւ դէպքերու բերումով հնարաւորութիւն չէր ունեցած ծլելու ու ծաղկելու, աճելու եւ ուռճանալու մինչեւ մեր օրերը:

Ն. Նաւասարդունի [Օ. Զարմունի]
ՙՌազմիկ՚, Սոֆիա, 1942, Դեկտեմբեր 19, թ. 44, էջ 2



Комментариев нет:

Отправить комментарий