գաղափարները, ինչպէս օրինակ` ազգերու հաւասարութիւն, ազատութիւն, եղբայրակցութիւն, որոնք ժամանակին հանդիսաւորապէս ընդունուած եւ որոշ գրաւչութիւն ու հմայք ունէին` վաղուց արդէն տեղի են տուած նոր ըմբռնումներու։
Կեանքի օրէնքը աւելի զօրաւոր դուրս եկաւ, քան մարդոց ցանկութիւններով պայմանաւորուած գաղափարները, որոնք արտաքնապէս թէեւ կախարդիչ էին, սակայն իրենց խորքին մէջ` հաշիւներու վրայ էին հիմնուած։ Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ընկերային գեղեցիկ առաջնորդութիւնները ու իրօ՜ք խաղաղասիրական զգացումները ոչինչով կրնան փոխել ժողովուրդի մը ճակատագիրը, եթէ այս վերջինը չկոփուի բուն իսկ այդ ժողովուրդի կամ ազգութեան կենսաբանական գործօններով, վճռելու ու յաջողելու անդրդուելի կամքով։
Իւրաքանչիւր ազգ, որ կը վճռէ ապրիլ, կը պատրաստուի ենթարկուիլ կեանքի անողոք հրամայականին, ի՜ր իսկ մէջ կենդանացնելով Ցեղը, որ կենսաբանական ըմբռնում է եւ հետեւաբար, ինչպէս ամեն կենսաբանական կառուցուածք` ուժածին գործօններու նախաղբիւր։
Բոլոր այն ազգերը, որոնք ըմբռնելով օրուայ հրամայականը` սկսած են ցեղօրէն տառապիլ, ցեղօրէն մտածել, ցեղօրէն վճռել ու ցեղօրէն գործել, առօրեայի վրայով կը դիմեն դէպի իրենց ապագան, կը կերտեն իրենց վաղուայ ճակատագիրը, կը հարթեն յաւիտենականութեան ճամբան։
Արդի ընկերային կենսաբանութիւնը ցոյց տուաւ, որ ազգերու յատկանիշերը անփոփոխելի չեն։ Անոնք ստեղծուած են անցեալի պատմական ելեւէջներու ընթացքին ու պայմաններու ներգործութեամբ կրնան փոխուիլ։
Ազգերու ճակատագիրը, սակայն, կը մշակէ ցեղը, որ բնական անշէջ դարբնոց մըն է, ուր կը վերանորոգուին, կազնուանան կենսա-բանական ոյժերը, բնազդները եւ բոլոր այն կարողութիւնները, որոնք թաղուած գորշ իրականութեան մոխիրին տակ` դադրած էին պատմութեան մարզին մէջ արտայայտութիւն ստանալու ընդունակութիւն ունենալէ։
Ի՜նչ խօսք, որ մեր ժողովուրդի մէջ քնած ոյժեր կան, որոնք պէտք է վերակերտուին ցեղային կրակարանին մէջ։ Եւ ի՜նչ խօսք, որ կենսաբանական սթափումով, բարոյական ոյժերու վերազարթնումով միայն մենք կրնանք ազատիլ այն նուաստացուցիչ ճակատագրէն, որ մեր մեղսակցութեամբ աշխարհը պարտադրած է մեզ։
Հագեփոխուելու, վերանորոգուելու պահանջ կայ, եթէ կուզենք ցեղօրէն արժեցնել մեզ, եթէ կուզենք պատմութիւն ստեղծող ոյժ դառնալ կրկին։
Ցեղային գիտակցութիւն, ցեղային պատիւ, ցեղային կորով, ցեղային վճռականութիւն ու անպարտելիութիւն` ահա՜ զմայլելի գործօնները, որոնք կրնան վերանորոգել ու հոգեփոխել մեզ։ Սակայն, այդ բոլորը կը բղխին հոգեպէս ու ֆիզիքապէս առողջ կենսաբանական կառուցուածքէ։ Հետեւաբար, մեր ամբողջ ծրագիրը պէտք է կեդրոնացնենք առողջ ցեղ կերտելու լուրջ ու հետեւողական աշխատանքին շուրջ։
Այդ գործին մեծապէս պիտի նպաստէ Տարօնական Շարժումը, որ ցեղի յաւիտենականութենէն բղխած գաղափար մըն է, խորքով եւ արտայայտութեամբ համահայկական բարձր մտահոգութիւն մը։
Տարօնականութիւնը նախ եւ առաջ հայրենիքը վերանուաճելու հայրենատէր դառնալու անդրդուելի կամք է, իսկ այդպիսի կամք կրնան ունենալ միմիայն ցեղօրէն առողջ ժողովուրդները։
Կերտելով առողջ ցեղ, մենք բնականօրէն պիտի նպաստենք Տարօնական Ոգիին, իսկ համակուելով այս ոգիով` մենք պիտի ստեղծենք կենսաբանական բարոյականով օժտուած ժողովուրդ։
Այս տեսակէտով Տարօնականութիւնը ո՜չ միայն իդէալ մըն է, այլեւ ցեղակերտումի գործնական ծրագիր մը։
Մեզ կը մնայ լուրջ գործի լծուիլ` նպաստելու համար այս մեծ, այս ճակատագրական զարթօնքին։
Դոկտ. Պ. Հաճօլեան
ՙՏարօնի Արծիւ՚, 1938, թ. 1, էջ 9-11:
ՙՀԱՅՐԵՆԻՔ՚ Ակումբ
Комментариев нет:
Отправить комментарий