21.08.2013

ՑԵՂԱՅՆԱՑԻ՜Ր, ՑԵՂԱՅՆԱՑՈ՜ՒՐ


Ցեղակրօնութիւնը ո՜չ միայն գեղեցիկ անուն մըն է, այլեւ  ադամանդեղէն յաւիտենական
ներքին բովանդակութիւն մը, որ դարերուն դիմանալու, տոկալու ոյժ եւ անսասանութիւն ունի իր մէջ:  Ցեղակրօնութիւնը վարդապետութիւն մըն է, որ ո՜չ մէկ ժողովուրդի այնքան անհրաժեշտ է, որքան հայ ժողովուրդին: Ցեղակրօնութեան մէջ կայ անցեալի ապրում, ներկայի կեանք ու պայքար, ապագայի նուաճում եւ յաւիտենականի տենչ: 
Ցեղակրօնութիւն կը քարոզենք, որովհետեւ կուզենք, որ հայը հատուածի մը կամ կողմի մը, կուսակցութեան մը չպատկանի, եւ այսպիսով հայութիւնը ճակատներու, կողմերու կամ կուսակցութիւններու չբաժնուի, մեր ազգային կեանքը ներքին ճակատներ, ներքին պայքարներ, ոյժերու ջլատում չունենայ, այլ` կեդրոնանայ, միաձոյլ եւ միակամ դառնայ: Ցեղակրօնութիւնը դէմ է ամէն ներքին հատուածականութեան եւ տարանջատումներու, եւ միակ գաղափարաμանութիւնն է, որ կրնայ բոլոր հայերը միացնել, որովհետեւ կուսակցութիւն մը չէ՜, կողմնակի կամ մասնաւոր ընկերային ուղղութեան մը ջատագովը չէ՜, այլ` ուղղակի ցեղային, համահայկական շարժում մըն է, որ խտրութիւն չի՜ դներ իր անդամներուն միջեւ, եւ նկատի չառներ անոնց ընկերային դիրքն ու կրօնական դաւանանքը: Ցեղակրօնութեան համար կարեւորը հայն է, բաւ է, որ ան իր մէջ չունենայ կուսակցական եւ անջատական միտումներ, 
չարհամարհէ մեր անցեալը, չյուսահատի ներկայի անյաջողութիւններէն եւ վառ յոյսով նայի մեր վաղուան: 
Արդ, Ցեղակրօնութիւնը հայութեան կը քարոզէ` վե՜րջ կուսակցականութեան, վե՜րջ ներքին պայքարներու եւ պառակտումներու, վե՜րջ ոյժերու ջլատման եւ կեդրոնախոյս, տարանջատ գործունէութեան: Մէ՜կ ճամբայ` Հայաստանի ճամբան, մէ՜կ գործ` Ցեղի ապահովութիւնն ու յարատեւումը հայրենի հողին վրայ: 
Ցեղակրօնութիւնը ցեղային հարցեր արծարծելէ աւելի` վերանորոգչական, հոգեւոր արիութեան եւ մեծագործութեան շարժում է: Ցեղակրօնութիւնը նոյն ցեղին անդամները եղբայրացնելու, կեանքը հզօրացնելու, կամքերը միաձուլելու, աշխատանքը արդիւնաւորելու եւ ցեղի կենսական պահանջները բաւարարելու գաղափարաμանութիւն է: 
ՙՑեղայնանալ եւ ցեղայնացնել՚. Ցեղայնանա՜լ հոգիով, ցեղայնանա՜լ մտքով եւ ձեր ցեղայնացումը ցոյց տալ կենդանի՜ օրինակով, գործո՜վ եւ գործունէութեամբ: Ի՞նչ կը հասկնաք ասկէ: 
Ցեղայնանալ ըսելով պիտի հասկնաք. 

Ա. Հրաժարում կուսակցականութենէ, կողմնապաշտութենէ եւ ուրիշ հայ մը ատելէ եւ անոր հետ պայքարելէ: 
Բ. Աշխատիլ ներքին ճակատներու վերացման, ոյժերու եւ գաղափարներու կեդրոնացման, ներքին տկարութեան յաղթահարման: 
Գ. Վերանորոգուի՜լ հոգիով, գաղափարով եւ գործունէութեամբ, հինը չմնալ, ինքզինքը չստորագնահատել: 
Դ. Հայ անցեալին հանդէպ պաշտամունք ունենալ, ներկան չարհամարհել եւ փայլուն ապագայ տենչալ եւ անոր համար աշխատիլ: 
Ե. Ամէն բանէ վեր նկատել Ցեղն ու Հայրենիքը եւ պատրաստ ըլլալ անոնց համար, անոնց դատին համար մեռնելու: Այս երկու սրբութենէն զատ ուրիշ աստուածութեան չծառայել, եւ միշտ մտովի կրկնել, որ Ցեղիս եւ Հայրենիքիս զինուորն եմ, ես կարող եմ անցնիլ, բայց Ցեղս եւ Հայրենիքս անանցանելի են, ասոր համար ամէն բան կը զոհեմ, որ անոնք յաւէտ կանգուն մնան: 
Զ. Կ’ուզեմ ցեղայնանալ, որովհետեւ Ցեղիս միութիւնը, Ցեղիս յառաջդիմութիւնը, Ցեղիս գոյութիւնն ու յաւիտենականացումը այս գաղափարի իրականացումով աւելի կը շահին եւ աւելի կը բարգաւաճին: 
Է. Համոզուած եմ, որ ամէն կուսակցական, դասակարգային եւ կրօնական ըմբռնում կարող է պատմութեան անցնիլ, բարեշրջուիլ կամ ձեւափոխուիլ, բայց ցեղային գաղափարաբանութիւնը անմահ է, անանցանելի է եւ անշիջելի է, ան պիտի տեւէ որքան որ տեւէ ինքը` Ցեղը: 
Ա՜յս է ցեղայնացումը, տեսակ մը գերհայու տիպ, որ չունենայ այսօրուան պայքարունակ եւ թայֆայականացած հայու տխուր բարքերն ու ունայնութիւնները, որոնք, յամէնայն դէպս, ցանկալի եւ գնահատելի չեն: Եւ եթէ այս ձեւով ցեղանայ հայը եւ ցեղայնացնէ իր նմանը, այն ատեն հայ իրականութեան ներկայի մշուշոտ պատկերը հիմնովին պիտի փոխուի, եւ մեր ճամբան, որ այսօր այնքան մառախլապատ է ու զարտուղի, պիտի պարզուի եւ հարթուի դէպի մեծ նպատակակէտը, դէպի Ցեղի իտէալին իրականացումն ու պսակումը: 
Մեզի համար, Ցեղակրօնութեան մէջ, արեան հետ, եւ թերեւս քիչ մը աւելի չափով, կարեւոր է ոգին, ընդհանուր առմամբ` հայ մարդը իր ներքին ապրումներով եւ ձգտումներով, նկարագրով եւ գործով: 
Մեր ըրածը վերանորոգչական, հոգեփոխական շարժում է, նոր ըմբռնումներով, նոր գաղափարներով, բայց ցեղային հին ձգտումներով. նո՜ր հայ ստեղծելու տենչ, որովհետեւ դժգոհ ենք այսօրուան հայէն, որ ինչպէս ըսինք, ինքն իր մէջ պառակտուած է, չար է, նախանձոտ, անհանդուրժող, կեդրոնախոյս, տկար, մասամբ անհաւատ, անցեղաճանաչ, եւլն., եւլն.: 
Ցեղակրօն ենք եւ մեր բոլոր հայ եղբայրներուն սրտի ցաւով կը նայինք, երբ տակաւին անոնք կուզեն երէկուան արիւնոտ ու փշոտ ճամբէն քալել, եւ տակաւին կը ցանկան պառակտուած մնալ եւ տնաքանդ պայքարներու հետամտիլ, երբ տակաւին չե՜ն ցնցուիր, չե՜ն զգաստանար եւ շուրջերնին չե՜ն նայիր, տեսնելու եւ զգալու համար, թէ ո՜ւր ենք մնացած, ի՜նչ կ’ընենք ու ինչպէ՜ս պէտք է աճապարենք, դարձեալ յուսախաբ չըլլալու եւ մեր բախտը չողբալու համար վաղը: 
Ուրեմն, կրկնեմ դարձեալ, բոլորի՛ն, մեծի՜ն եւ պզտիկի՜ն, օրիորդի՜ն եւ տիկինի՜ն, պատանիի՜ն եւ երիտասարդի՜ն. Ցեղայնացի՜ր, ցեղայնացո՜ւր: 
Ցեղայնացի՜ր, որ հայը վերանորոգուի, հոգեփոխուի, հին ախտաւորը չմնայ, ատելութեամբ եւ մաղձով լեցուած չըլլայ իր նման հայուն հանդէպ, նոր ու կատարեալ, բարձրագո՜յն հայու տիպ մը ըլլայ: 
Ցեղայնացո՜ւր, որպէսզի հայ կեանքը բարեփոխուի, մշուշը փարատի, սէրը եւ համերաշխութիւնը ծիածանեն եւ մեր կեանքը անկախ հայրենիքի մէջ ծաղկի ու զարգանայ: 
Մեր սերունդին եւ բոլոր գալիք սերունդներուն հաւատոյ հանգանակ մըն է, որ կը ձգենք որպէս յաւիտենական ճշմարտութիւն. 
Ցեղայնացի՜ր, ցեղայնացո՜ւր: 

Օ. Զարմունի 
ՙՀանրապետական՚, Երեւան, 2004, թ. 11

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ
<<ՀԱՅՐԵՆԻՔ>>  ակումբ, Եր., 2008


Комментариев нет:

Отправить комментарий